ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ գիշեր այցելած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանային շրջաներ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ ՀՀ ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Բանբերը, նոյնպէս կը նշէ, որ Օհանեան եւ ԼՂՀ ՊՆ Լեւոն Մնացականեան բարձրաստիճան սպաներու հետ գիշերը այցելած են սահմանային դիրքեր ու յատկապէս Թալիշ շրջանի դիրքեր, մօտէն ծանօթանալու սահմանային ընդհանուր իրադրութեան: