image

Նախախնամութեան Յանձնուածները. Սուրիացիները ինչպէս կրցան ո՛չ ըսել համավարակին.Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան

Նախախնամութեան Յանձնուածները. Սուրիացիները ինչպէս կրցան ո՛չ ըսել համավարակին.Մարիանա  Պէրթիզլեան-Ղազարեան

Համացանցի սուրիական տեղեկատուական էջերէն մէկուն վրայ, մարդիկ  լուրջն ու կատակը  միախառնած, զիրար  կը շնորհաւորէին, քանի որ Սուրիան, իր ժողովուրդի աղքատութեան մակարդակով, պետութիւններու հարթակին վրայ առաջնակարգ դիրքը գրաւած էր ։

Նախադասութիւնը վերընթերցելէ ետք, խայտաբղէտ ներկան՝ եկաւ յստակացնելու ամէն բան։

Հիմա մեր ապրած կեանքի մակարդակը ամբողջութեամբ կախուած է ամերիկեան տոլարի վերիվայրումներէն։ Սուրիան՝ ինչպէս շատ մը երկիրներ, շրջափակման մէջ է, սակայն ան՝ ի տարբերութիւն մնացեալ երկիրներուն, համաճարակէն  առաջ եւ վերջ, միշտ ալ շրջափակման պարիսպներով պաշտպանուած մնաց։ Այդ պաշտպանութիւնը մեզի համար ունեցաւ իր բացասական եւ դրական հետեւանքները։ Իւրաքանչիւր աղէտ կարծուած երեւոյթ ունի նաեւ իր դրական կողմերը, որուն մէջ բարիքի նշոյլ մը, լուսաւոր կէտ մը կարելի է փնտռել եւ գտնել։

Մեր հեռաւոր, անհրապոյր, մոռցուած անկիւնի մը մէջ ապրիլը, պատերազմէն ահաբեկուած ու բզքտուած, լճացած ու անհաղորդ մնալը աշխարհի հետ պատճառ դարձաւ, որ հեռու մնանք օտար զբօսաշրջիկներու ելումուտքէն դէպի Սուրիա, մնացինք գրեթէ անվտանգ եւ հեռու՝ նորատիպ ժահրի սպառնալիքներէն եւ ան հեռու մնաց մեզմէ, նոյնիսկ վախցաւ մեզի մօտենալէ, վախցաւ այս հերոս ժողովուրդի տոկունութենէն եւ յաղթանակելու կամքէն: Մինչ արտաքին աշխարհը, մանաւանդ Եւրոպան եւ Ամերիկան, թագավարակէն հարուածուած իր մեռելները կը թաղէր, մենք մեր ներքին աշխարհին մէջ կը տուայտէինք Միացեալ Նահանգներու կողմէ մեր վրայ դրուած տնտեսական պատիժին բերած հետեւանքներէն՝ սղութիւն, սով, անգործութիւն։ Միացեալ Նահանգներ իր սահմանած պատիժներով կը փորձէ ծունկի բերել, իր մաշած ներբաններուն տակ ճզմել արդէն իսկ խեղճացած այս ժողովուրդը։ Մէկ տոլարը գրեթէ հաւասար է շատերու օրական աշխատավարձին։ Սուրիան, առեւտրական քաղաք ըլլալով, իր տնտեսական  արդիւնաբերութեամբ միշտ ալ ծաղկեցուցած էր յարակից երկիրներու շուկաները։ Աշխոյժ առեւտուրը Սուրիոյ սահմանները յորդեցուցած էր դուրս եւ ներս յորդող առատութեամբ։ Հիմա ոչ միայն բարիքը սահմաններէն չի յորդեր, այլեւ ամէն բան կը մրափէ, մեզի հասցնելով աղքատագոյն ժողովուրդի մակարդակին։ Մարդիկ իրենց գլուխները խլուրդի պէս մտցուցած հողին մէջ, ուր սակայն թագավարակի իշխանութիւնը տակաւին չէ կրցած հաստատել իր թագաւորութիւնն ու արբանեակները։

Անհոգ մանկութիւն ապրող ժողովուրդ, հազիւ սարսափ տեսաֆիլմէն դուրս եկողի պէս, որ իր ուռած աչքերը շփելով կը դիտէր, թէ աշխարհը ինչպէս կը տառապէր, կը մտահոգուէր իր ապագայով։

Մինչ վանդակէն նոր դուրս եկող, ազատագրուած իրենց ձեռքերն ու ոտքերը կամաց- կամաց կը մխրճէին նոր զտուիլ սկսող ջուրի զովացնող վտակին մէջ, աշխարհը տակնուվրայ կ'ըլլար...

Սուրիան, մանաւանդ փոքրիկ Հալէպը, իր նորաստեղծ վերագտած մանկութիւնը կը վայելէր տակաւին։

Տնային արգելափակումը սառոյցէ ապակիներով ցնցեց մոլորակը։  Բծախնդրութեամբ եւ օրինապահութեամբ Սուրիոյ մէջ  եւս գործադրուեցաւ տնային քառասնօրեայ կալանքը․ ներքին հրճուանք մը, անհոգ թեթեւութիւն մը  կը շոյէր իւրաքանչիւր Հալէպցիի սիրտը, ի տես՝ ժահրէն իր անմաս եւ անվնաս  մնալուն․ մտածելով, որ թերեւս ալ այս մէկը պարգեւ մըն էր իրեն, ի վերուստ  տրուած փոխհատուցում մը, պատերազմի այն բոլոր տառապանքներուն փոխարէն, որոնք կրեց անցնող վերջին տարիներուն ընթացքին։

Թագաժահրը իր ատամները չէր կրցած խռել անապատացած, խոցոտուած բուռ մը հողին մէջ․․․․

Կ'ըսուի, թէ «Աստուած խեղճերուն եւ անտեսուածներուն Աստուածն է»։

Արգելափակման բոլոր կանոնները հալէպցիներ խստագոյնս, թերեւս ալ նոյնիսկ անիմաստօրէն, յարգեցին, անշուշտ առանց քիթ բերան փակելու ( Իսլամներ, անգամ մինչեւ 20րդ դարուն ապրող հայուհիներ՝ աւելիով մեր փոխարէն արդէն իսկ փակած էին իրեց քիթ մռութը): Տունը մնալով, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու  դռները փակելով, ժողովէ եւ հաւաքավայրերէ հեռու մնալով հալէպցիները հնազանդեցան բոլոր օրէնքներուն։

Կամաց –կամաց  սկսան վերցուիլ կարգ մը արգելքներ, ե՛ւ մարդոց մէջ, ե՛ւ՝ շուրջ: Մարդիկ իրենց սրտերուն խորքը պեղելէ յոգնած, սկսան իրենց քայլերը դուրս արձակել՝ քիչ մը  դէպի հեռուն։

Յանկարծ որոտման ժայթքումի պէս, հեղեղի մը յորդելուն պէս, տարածաշրջանի կանգ առած օդանաւային թռիչքները սկսան իրենց գլուխները երերցնել նախ Դամասկոսէն դէպի Երեւան, այնտեղէն հաւաքել բերելու համար վերադարձողները՝ դէպի ծննդավայր, ետքը՝ Քուէյթեան լեփլեցուն օդանաւ մը եկաւ, թիրախաւորուեցաւ Դամասկոսի օդակայանը։ Արտերկիր մնացած Սուրիացի քաղաքացիներ իրենց մայրաքաղաքի դռները թակեցին, հասնելու համար յարակից քաղաքներ․ անոնցմէ շատեր վարակակիրներ էին, որոնք կաշառքով, առանց ստուգման, գիշերով, գաղտնի արահետներով, օդանաւէն  անմիջապէս  ուղղուեցան դէպի Հալէպ՝ հասնելու իրենց երկրորդական տուները ։

Իսկ մեր  քուէյթաբնակ դրացին, որ պատերազմի տարիներուն բնաւ չէր այցելած իր Հալէպի տունը, այժմ վարակակիր, օդանաւէն նոր հասած՝ մեր շէնքի ներքեւի զանգը կը հնչեցնէր, մեզմէ կը խնդրէր՝ շէնքին դուռը բանալ։

Փոթորիկ մը սարսեց ամբողջ շէնքը, քանի որ լսած էինք օր մը առաջ վարակակիրներով լի օդանաւի մը ժամանման մասին։ Որքան ալ փորձէինք  դուրս չգալ մեր բնակարաններէն, բայց ստիպուած նոյն վերելակը պիտի օգտագործէինք, նորեկներուն մատնահետքերով կոճակները սեղմէինք․․․

Ո՛չ 14 օրեայ արգելափակում ունեցած էին մեր դրացիները, ո՛չ ալ՝ հետազօտուած․ օդանաւը հազիւ Դամասկոս հասած,  քանի մը ժամ ետք անոնք   արդէն իսկ Հալէպ էին։

Շէնքը մղձաւանջով  մը սկսաւ գալարուիլ. ի՞նչ ընել, մանաւանդ որ շէնքին մէջ երեխաներ եւ տարեցներ ունէինք ․․․

Քանի մը օր տեւեց մեր մտածումներուն հետ հաշտուիլը․ մարդասէր եւ հիւրասէր ըլլալու որոշումով կը գօտեպնդէինք, կը դաստիարակէինք մեր անձերը, երբ լսեցինք, թէ յառաջիկայ օրերուն Դամասկոս պիտի ժամանէին նաեւ տարբեր երկիրներէ եկած օդանաւեր, որոնք բնականաբար պիտի ունենային նաեւ դէպի Հալէպ եկող ուղեւորներ ։

Մարդ արարածի ուղեղը իր ենթագիտակցութեան մէջ անպայման ունի   ինքնամխիթարման յատկութիւնը. փոխանակ բացասական եւ վատ հետեւանքներու մասին մտածելու, կը փորձեմ լուսաւոր գաղափար մը, միտք մը բռնել ու անկէ կառչիլ․

Այո, կ'ըսեմ, հալէպցիներ չեն վարակուիր թագավարակով որովհետեւ՝

1-Մենք մեր բաժին տառապանքը արդէն իսկ կրեցինք անցնող տարիներուն եւ  ամպերուն վրայէն մեզի նայողը, հաւանաբար հիմա բաւ համարած է այս ամէնինչը։

2-Մեր ապրած քաղաքի՝ Հալէպի օդը յագեցած է քիմիական բաղադրիչներով, մեր թոքերը դիմադրողականութիւն ձեռք բերած են, վարժ են՝ օտար, վնասակար, թունաւոր եւ ախտաւոր նիւթեր ներծծելու։

Թերեւս ալ քիմիականով տարուբերող օդը արդէն իսկ  իր մէջ կլանած է իր թագերով մեզ սպառնացող նորեկ հիւրերու, աւելի ճիշդը, բանակներու  վաշտերը։

3- Մեր մեծամասնութիւնը, մանկութան, դպրոցներու կամ բժշկական կեդրոններու պարտադրանքով, թոքաբորբի, կարմրուկի պատուաստներ ստացած ենք։ Նոյնիսկ մեր վաթսունն անց ծնողները կը յիշեն ստիպողաբար իրենց պատուաստուիլը՝ թոքաբորբի, մալարիայի եւ այլ պատուաստներով, որոնք թոքերուն առնչուող որեւէ ժահրի կամ վարակի կասեցման կրնան  նպաստել, շնորհիւ այդ օրերու ֆրանսական իշխանութեան պարտադրած կանոններուն, որոնք ստիպողաբար կը պատուաստէին իրենց հովանաւորութեան տակ եղող գաղութները․․․

Նորաոճ գահակալ համավարակը թէեւ փորձեց ամբողջ երկրագունդը իր տիրակալութեան տակ առնել, բայց երբ Սուրիոյ սահմաններուն դռները թակեց եւ փորձեց հանգրուանել Սուրիոյ բնակիչներուն թոքերուն մէջ,  մագիլներով մխրճուիլ անոնց օդափողին եւ թոքի ելեւէջներուն մէջ, անոնք ամէն գնով վռնտեցին, իրենցմէ վանեցին այս նոր թշնամին, որ նախկիններէն տարբեր չէր, եւ սուրիացներու մեծամասնութիւնը  կրցաւ «ո՛չ» ըսել նորաոճ թշնամիին (Ըստ այսօրուան պետական տուեալներուն, գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 141 վարակակիրներ, որոնք արգելափակման մէջ են արդէն)։

Մենք չենք գիտեր, թէ վաղը ինչ տեղի կ'ունենայ․ ոմանք նոյնիսկ կ'ըսեն, թէ  վարակը տակաւին նոր սկսած է թակել Սուրիոյ դռները եւ իր սկզբնական հանգրուանին մէջ  կը գտնուի․ կրնայ տարածուիլ ու ծաւալիլ․․․ուրիշներ կ'ըսեն, թէ ան անցած է իր երկրորդ ծաղկման շրջանը ․․․

Որքան ալ վտանգը հեռու ըլլայ մեզմէ, դարձեալ մեր աչքերէն անտես, ոչ հեռաւոր վայրերու մէջ աւերներ կը գործէ, մարդկային կեանքեր կը հնձէ՝ սահմանամերձ երկիրներու մէջ, թէ հայրենի հողին վրայ․․․ ինչպէ՞ս կարելի է հանգիստ խիղճով հետեւիլ մարդկային կորուստներուն, երբ մոլորակի սիրտը մէկ է, մարդկութիւնը ամբողջ միեւնոյն մարմնի ամբողջացնող բջիջներն են: Երբ հարեւանդ ցաւ կը զգայ, դուն կրնա՞ս հանգիստ խիղճով քնանա՞լ․․․

Ի վերջոյ, դրացիիդ ցաւը նաեւ քուկդ է, երբ մտածես թէ բոլորիս ստեղծիչն ու արարիչը մէկ է։

Հայրենի երկրէս անհանգիստ ու ցաւոտ աղաղակներ, մտահոգութիւն եւ տագնապ կը լսեմ, կ'ուզեմ երկարել ձեռքս, օգնել, մեղմել անոնց ցաւը, ինչպէս որ անոնք օր մը կիսեցին մեր ցաւն ու սրբեցին՝ արցունքը։

Յետոյ կը մտածեմ, թէ՝ ո՞վ կրնայ երաշխաւորել ամէն ինչի անփոփոխ մնալը։ Ամէն բան փոփոխական է եւ գնայուն։

Ինչ որ պիտի ըլլայ՝ կ'ըլլայ, իսկ ինչ որ ի վերուստ կ'արգիլուի, չըլլար․․․․

Մեր հոգ ընելով, վարակը ոչ կը բազմանայ, ոչ ալ կ'անհետանայ, ինչպէս մեզի  հոգացող նախախնամութիւնը պիտի ըսէր՝ վաղուան համար հոգ մի ընէք, իւրաքանչիւր օրուան հոգը իրեն համար բաւարար է ․․․

 

Մարիանա  Պէրթիզլեան Ղազարեան -Հալէպ