image

Նախագահ Սարգսեան այցելած Է Յորդանան գետի ափին գտնուող Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրը

Նախագահ Սարգսեան այցելած Է Յորդանան գետի ափին գտնուող Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրը

Աշխատանքային այցելութեամբ Յորդանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 5 ապրիլին այցելած է Յորդանան գետի ափին գտնուող Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրը:

Հանրապետութեան նախագահը շրջագայած է քրիստոնէական այդ սրբավայրին մէջ, գրառում կատարած պատուոյ հիւրերու գիրքին մէջ: Ան նշած է, որ Յորդանանի հոգատարութիւնը նմանատիպ համաշխարհային սրբավայրի նկատմամբ քաղաքակրթութիւններու համերաշխութեան եւ երկխօսութեան լաւագոյն վկայութիւնը կը հանդիսանայ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է նաեւ Յորդանան գետի ափին կառուցուած հայկական Սուրբ Կարապետ եկեղեցի եւ մոմ վառած հոն:

Նշենք, որ նախագահ Սարգսեան Յորդանան կը գտնուի 6 ապրիլին մասնակցելու Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին` Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի նուիրուած հանդիպումին իբրեւ բանախօս: