image

Նախագահ Փութին շնորհաւորեց Պաշշար Ասատը

Նախագահ Փութին   շնորհաւորեց Պաշշար Ասատը

Գրեմլին յայտարարեց , թէ  Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորանքներ յղած է Սուրիոյ նախագահ  Պաշշար Ասատին Նոր Տարուան առթիւ, մաղթելով երկու երկիրնեդու միջեւ բարեկամական կապի ալ աւելի ամրապնդումը եւ գործակցութիւնը ի նպաստ Սուրիոյ բարօրութեան:

Պաշշար Ասատին ուղղուած  շնորհաւորագրին մէջ, Ռուս Իշխանաւորը  անգամ մը եւս շեշտած է երկու կողմերու բարեկամութեան զարգացման եւ փոխ-գործակցութեան կարեւորութիւնը ի նպաստ Սուրիոյ եւ անոր տարածքի ամբողջական պահպանման եւ խաղաղութեան հաստատման:

Փութին  նաեւ յոյս յայտնած է,  որ միացեալ ջանքերով կարելի կ՝ըլլայ 2020-ին խաղաղութիւն հաստատել Սուրիոյ ամբողջ տարածքին: