image

Նախագահ Աուն պիտի փորձէ այսօրուան Մարաթոնը Հարիրիին զօրակցելու առիթի մը վերածել

Նախագահ Աուն պիտի փորձէ այսօրուան Մարաթոնը Հարիրիին զօրակցելու առիթի մը վերածել

Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն ամէն գնով պիտի փորձէ իր հրաժարականը ներկայացուցած վարչապետ Սաատ Հարիրիին զօրակցութեան առիթներ ստեղծել:

Այս մասին լուրը տուած է պէյրութեան «Վի. Տի. Էլ» ռատիօկայանը: Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ նախագահ Աուն պիտի փորձէ այսօր տեղի ունենալիք «Պէյրութի մարաթոն»ի մարզական առիթը օգտագործելով իրադարձութիւնը վերածել Հարիրիին զօրակցութեան առիթի մը:

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ մը առաջ իր հրաժարականը Ռիատէն տալով Պէյրութ չէր վերադարձած: Հարիրիի Ռիատ կեցութեան  պայաններուն մասին հակասական  տեղեկութիւններ կը տրուին եւ սակայն  տարբեր միջնորդներու Ռիատ ժամանումը ցոյց կու տայ իրավիճակին լրջութիւնը:

Միջնորդներու ծիրէն ներս Ռիատ այցելած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, որուն միջնորդական առաքելութեան արդիւնքներուն մասին տեղեկութիւններ չտրուեցան: