image

Նախագահ Ասատ երկրորդականի աւարտական քննութիւններու նախօրէին նահատակներու զաւակներու դպրոց այցելած է (Տեսանիւթ)

Նախագահ Ասատ երկրորդականի աւարտական քննութիւններու նախօրէին նահատակներու զաւակներու դպրոց այցելած է (Տեսանիւթ)

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ, առաջին կնոջ Ասմաա Ասատի հետ, երէկ՝ Սուրիոյ երկրորդականի աւարտական կարգի պետական քննութիւններու նախօրէին  այցելած են նահատակներու որդիներուն եւ դուստներուն, իրենց դպրոցէն ներս:

Այցի նպատակը պետական քննութիւններուն անոնց պատրաստութիւններու մասին հետաքրքրուիլն է: Նախգահ Ասատ քաջալերելով նահատակներու զաւակները ըսած է. «Մեր վստահութիւնը ձեր հանդէպ մեծ է .. Դուք նահատակներու զաւակներն էք .. ձեր հայրերը իրենց երկրին համար զոհեցին այն, ինչ մարդու համար ամենաթանկն է .. որ հոգին է ..եւ դուք ամենայն վստահութեամբ, ձեր ուսումի եւ յաջողութեան միջոցաւ կրնաք տալ այն, ինչ ամենաշատը պէտք է տրուի այս անգամ հայրենիքին.. որ յաջողութիւնն է»:

Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ այսօր մեկնարկած են երկրորդկանի աւարտական կարգի պետական քննութիւնները: