Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այցելած է Արեւելեան Ղութա: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը, նշելով, որ ան հասած է առաջնագիծ, այցելելով սուրիական բանակի դիրքերը:
Պատերազմական լրատուութիւնը այս առթիւ նկարներ հրապարակած է, ուր Սիրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ շրջապատուած եղած է Սուրիոյ բանակի զինուրներով:
Ռազմական լրատուութիւնը նաեւ իր թուիթրի էջին կատարած գրառման մէջ ըսած է. «Կրակի գիծին՝ Արեւելեա Ղութային մէջ... Նախագահ Ասատը Սուրիական բանակի հերոսներուն հետ»:
Ասատ նաեւ հանդիպում ունեցած է Արեւելեան Ղութայի ժողովուրդին հետ եւ շնորհաւորած է անոնց անվտանգութեան վերաբերեալ:



