image

Նախագահ Ասատ այցելեց Ղութայի առաջնային դիրքեր (Լուսանկարներ, Տեսանիւթ)

Նախագահ Ասատ այցելեց Ղութայի առաջնային դիրքեր (Լուսանկարներ, Տեսանիւթ)

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այցելած է Արեւելեան Ղութա: Այս մասին  կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը, նշելով, որ ան հասած է առաջնագիծ, այցելելով սուրիական բանակի դիրքերը:

Պատերազմական լրատուութիւնը  այս առթիւ նկարներ հրապարակած է, ուր Սիրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ շրջապատուած եղած է Սուրիոյ բանակի զինուրներով:

Ռազմական լրատուութիւնը նաեւ  իր թուիթրի էջին կատարած գրառման մէջ ըսած է. «Կրակի գիծին՝ Արեւելեա Ղութային մէջ... Նախագահ Ասատը Սուրիական բանակի հերոսներուն հետ»:

Ասատ նաեւ հանդիպում ունեցած է Արեւելեան Ղութայի ժողովուրդին հետ եւ շնորհաւորած է անոնց անվտանգութեան վերաբերեալ: