Հիմք ընդունելով Ազգային ժողովի 8 մայիս 2018 թ.՝ Նիկոլ Փաշինանը վարչապետ ընտրելու վերաբերեալ որոշումը՝ նախագահ Արմէն Սարգսեանը այսօր հրամանագիր ստորագրած է Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ նշանակելու մասին: ՀՀ նախագահի նստավայրի մէջ այսօր կայացած է երկրի նախագահի եւ նորընտիր վարչապետի առաջին հանդիպումը:
Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը։
Շնորհաւորելով Նիկոլ Փաշինեանը՝ երկրի նախագահը ըսած է. «Ուզում եմ մաղթել, որպէսզի որքան հնարաւոր է շուտ ձեւաւորէք կառավարութիւնը եւ լծուէք այն բոլոր խնդիրներու լուծմանը, որ մեր պետութեան, կառավարութեան, ողջ ժողովուրդի եւ այս երկրի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ են: Ձեզ լաւագոյն մաղթանքներս եւ յաջողութիւններ»:
Յիշեցնենք, որ այսօր ԱԺ յատուկ նիստին 59 կողմ, 42 դէմ ձայներով Նիկոլ Փաշինեանը ընտրուած էր վարչապետ: Անոր օգտին քուէարկած են ԱԺ «Ելք», ՀՅԴ, «Ծառուկեան» խմբակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ՀՀԿ 13 պատգամաւորներ: Աւելի ուշ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրամանագիր ստորագրած էր՝ Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ նշանակելու մասին: