image

Մոսկուան նախապէս տեղեկացուած չէր Սուրիոյ դէմ հրթիռային յարձակման վերաբերեալ. ԱՄՆ պետքարտուղար

Մոսկուան նախապէս տեղեկացուած չէր Սուրիոյ դէմ հրթիռային յարձակման վերաբերեալ. ԱՄՆ պետքարտուղար

ԱՄՆ պետքարտուղար Ռեքս Թիլերսըն, մեկնաբանելով Սուրիոյ տարածքին իրականացուած հրթիռային յարձակումը, նշած է, որ Ռուսաստանը նախապէս տեղեկացուած չէ եղած ԱՄՆ ծրագիրներու վերաբերեալ:

 

Այս մասին կը հաղորդէ «The Guardian» ը, նշելով, որ ԱՄՆ պետքարտուղարի յայտարարութիւնը կը հակասէ Փենթակոնի յայտարարութեան, ուր ըսուած էր, որ ամերիկեան կողմը հրթիռակոծութենէն առաջ քանի մը անգամ զրուցած է ռուս զինուորականներու հետ ու բացայայտած իրենց ծրագիրը:

 


Բրիտանական պարբերականը կը գրէ, որ այս հակասութիւնը մէկ բացատրութիւն կրնայ ունենալ. թերեւս, Թիլերսըն նկատի ունի քաղաքական օղակներու շրջանակէն ներս բանակցիլը, իսկ Փենթակոնը՝ ռազմական: