ԱՄՆ պետքարտուղար Ռեքս Թիլերսըն, մեկնաբանելով Սուրիոյ տարածքին իրականացուած հրթիռային յարձակումը, նշած է, որ Ռուսաստանը նախապէս տեղեկացուած չէ եղած ԱՄՆ ծրագիրներու վերաբերեալ:
Այս մասին կը հաղորդէ «The Guardian» ը, նշելով, որ ԱՄՆ պետքարտուղարի յայտարարութիւնը կը հակասէ Փենթակոնի յայտարարութեան, ուր ըսուած էր, որ ամերիկեան կողմը հրթիռակոծութենէն առաջ քանի մը անգամ զրուցած է ռուս զինուորականներու հետ ու բացայայտած իրենց ծրագիրը:
Բրիտանական պարբերականը կը գրէ, որ այս հակասութիւնը մէկ բացատրութիւն կրնայ ունենալ. թերեւս, Թիլերսըն նկատի ունի քաղաքական օղակներու շրջանակէն ներս բանակցիլը, իսկ Փենթակոնը՝ ռազմական: