image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուա մեծ ճիգեր կը գործադրէ ոտքի հանելու համար Սուրիոյ տնտեսութիւնը

Մոսկուա մեծ ճիգեր կը գործադրէ ոտքի հանելու համար Սուրիոյ տնտեսութիւնը

Սուրիոյ մէջ եօթ տարիներէ ի վեր ընթացող պատերազմին հետեւանքով երկիրը զգալի նիւթական վնասներ կրեց տարբեր ոլորտներու մէջ, սակայն վերջերս բանակի արձանագրած յաղթանակները առիթ հանդիսացան Սուրիոյ վերաշինութեան ծրագիրներուն անդրադառնալու:

Սուրիոյ  Տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Սամի Խալիլ  «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայնտած է, որ Սուրիա եւ Ռուսիա սկսած են տնտեսական համագործակցութեան նախագիծ մշակել, նպատակ ունենալով մեկնարկել վերաշինութեան աշխատանքները, մանաւանդ վերջին շրջանին երկրին մէջ տիրող խաղաղութեան պայմաններուն մէջ:

Նախարարը շեշտած է, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնն ու ժողովորդը պիտի շարունակեն ամէն տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ, յանուն երկրի վերաշինութեան ու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման:

Նախարարը միաժամանակ կարեւորած է սուրիական ապրանքատեսակներու մուտքը ռուսական շուկայ, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրային համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: