image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուա լաւատեսական հայեացքով կը հետեւի Հայաստանի զարգացումներուն

Մոսկուա լաւատեսական  հայեացքով կը հետեւի Հայաստանի   զարգացումներուն

Գրէմլինի մէջ յոյս ունին, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական ուժերու միջեւ համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի: Այդ մասին լրագրողներուն յայտնած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Պէսքովը, կը  հաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով «Ռիա Նովոսթի»-ն:

 

«Դուք գիտէք, որ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են գերատեսչութիւններու մակարդակով, եղած է նաեւ հեռախօսազրոյց, ինչպէս դուք բոլորովին ճիշդ նշեցիք: Այդ շփումը հիմնականօրէն կեդրոնացած եղած է Հայաստանի մէջ յառաջացած ճգնաժամային իրավիճակի շուտափոյթ կարգաւորման անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ: Կարգաւորումը, անկասկած, պէտք է ըլլայ սահմանադրական շրջանակներու մէջ այնպէս, որ համաձայնութիւն գտնուի բոլոր շահագրգիռ կողմերուն միջեւ: Այժմ բոլորս կը սպասենք եւ կը հետեւինք վարչապետի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան խորհրդարանին մէջ 1 մայիսին»,- ըսած է Պէսքով:

 

Պատասխանելով լրագրողի նկատառումն առ այն, որ Հայաստանի լրատուամիջոցները կը յայտնէին Մոսկուայէն Հայաստան ժամանած ռուս պաշտօնեայի մասին, Պէսքով ըսած է.«Ես չունիմ որեւէ տեղեկութիւն, ձեզի ոչինչ կրնամ պատասխանել»:

 

Նշենք, որ 26 ապրիլին Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի հետ: Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին: Ընդգծուած է, որ Հայաստանի մէջ ճգնաժամային իրավիճակի կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ բացառապէս իրաւական դաշտի, գործող Սահմանադրութեան շրջանակներու մէջ եւ 2017-ի ապրիլին կայացած օրինական խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ: Այդ ծիրէն ներս շեշտուած է ՀՀ ԱԺ-ի կողմէ  1 մայիսին Հանրապետութեան վարչապետի ընտրութեան կարեւորութիւնը: