Միացեալ Նահանգներու մօտ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտնած է, որ ինք անձամբ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու փոխանցած է Ռուսիոյ մտահոգութիւնը այն հարցին շուրջ, որ վերջինս կը պատրաստուի նոր յարձակում իրագործել Սուրիոյ դէմ, միաժամանակ զգուշացնելով անհիմն ու չպատճառաբանուած յարձակում ծրագրելէ:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, ԱՄՆ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին յայտարարուած է, թէ Անթոնով այս շաբթուան ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է ամերիկացի բարձրաստիճան պատօնեաներու, այդ թուին` Սուրիոյ հարցերով ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճէֆրիի հետ: