Լիբանանեան «Ալ Տիար» պարբերականը երէկ առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձ կատարած է Հայաստանի մէջ գրանցուող զարգացումներուն:
Պարբերականը, որ յայտնի է իր «քաղաքական-սքանտալային» թերթ մը ըլլալու բնոյթով գրած է, թէ չէ բացառուած որ Մոսկուա զօրքեր ուղղարկէ Երեւան:
Արաբերէնով ներկայացուած լրատուութեան մէջ պարբերականը կը յայտնէ, որ Հայաստանը շատ կարեւոր ռազմավարական գործընկեր է Ռուսաստանի համար եւ Ռուսաստան մտահոգ հայեացքներով կը հետեւի Երեւանի զարգացումներուն:
«Այս խնդիրներուն համար է, որ Ռուաստանի նախագահ Վ. Փութին կապ հաստատած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ ու վերջինիս հետ քննարկած է երկրի ընդհանուր իրավիճակը» կը գրէ «ալ Տիար», յիշեցնելով նաեւ որ Մոսկուա-Երեւան յարաբերութիւնները պատմական անցեալ ունին:
Առանց յիշատակելու իր ունեցած տեղեկութիւններուն սկզբնաղբիւրը «Ալ Տիար» չէ բացառած, որ Մոսկուա մասնայատուկ ուժեր պիտի առաքէ Երեւան պահպանելու համար Հայաստանը «քաղաքացիական պատերազմի մը վտանգներէն, որ դժուար թէ պատահի»: