image
Հրատապ լուրեր:

Մոսատ ինչպէ՞ս ձեռք բերաւ իրանեան միջուկային «ծրագիր»ը. «New York Times»

Մոսատ ինչպէ՞ս ձեռք բերաւ իրանեան միջուկային «ծրագիր»ը. «New York Times»

Իսրայէլցի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը բարձրաձայնած է իրանեան միջուկային ծրագիրը գաղտնի կերպով ձեռք բերելու գործընթացի շատ փոքր մէկ մասը, միաժամանակ մերժելով աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցել` Մոսատի գործունէիւթեան գաղտնիութիւնը չխախտելու նպատակով:

«New York Times» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին իսրայէլցի պաշտօնեան յայտնած է, որ Մոսատի գործակալները 2016 թուականի փետրուարին Թեհրանի հարաւային Շորապատ շրջանին մէջ պահեստ մը յայտնաբերած են, որմէ ետք մանրազնին քննելէ ետք հասած են այն համոզման, որ նշուած վայրը իրանեան միջուկային զէնքերու թղթապանակներու ամենագաղտնի պահեստը կը հանդիսանայ:

Այնուհետեւ պատմած է, թէ ինչպէս 2017 թուականի յունուարին զինեալներ ներխուժելով պահեստը այնտեղ գտնուող փաստաթուղթերու բնօրինակները նոյն գիշերը տեղափոխած են Իսրայէլ, իսկ ԱՄՆ նախագահ Թրամբ տեղեակ եղած է Մոսատի իրականացուցած գործողութիւններէն:

Իսրայէլցի պաշտօնեային փոխանցմամբ, յիշեալ պահեստը փլատակ ու հին շէնք մըն է, որ դուրսէն նայողին ոչինչ կ'ըսէ, մինչդեռ շէնքին ներսը խիստ կերպով կը հսկուի:

Ինչ կը վերաբերի փաստաթուղթերու բացայայտումը յետաձգելուն, պատճառը հսկայական թիւ կազմող փաստաթուղթերը պարսկերէնէն անգնելրէնի թարգմանելու գործողութեան խլած ժամանակն էր:

Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուի յայտարարութեան համաձայն, ձեռք բերուած փաստաթուղթերու թիւը 55 հազար է, մինչդեռ իրանեան միջուկային ծրագիրը պարունակող սկաւառակներու թիւը 183 է: