image

Մինչ մարտերը կը շարունակուին, բանակի երեք զինուորներ ականի պայթումի զոհ գացած են

Մինչ մարտերը կը շարունակուին, բանակի երեք զինուորներ ականի պայթումի զոհ գացած են

Լիբանանեան բանակի 3 զինուորեր զոհուած են, երբ անոնց զինուորական կառքը անցած է «Տահէշ»ի ահաբեկիչներու լարած  մէկ ականին  վրայէն: Լիբանանեան բանակը այս մասին հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով յայտնած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է Ռաս Պաալպէք տանող շրջանին «Տուար ալ նըժասա»ի մէջ:

Նշենք, որ այսօր «Տահէշ»ի դէմ ընթացող մարտերը երրորդ օրն ըլլալով կը շարունակուին եւ բանակը յաջողած է կարեւոր յառաջխաղացք գրանցել այդ լեռնային շրջաններուն մէջ:

Կարգ մը աղբիւրներու փոխանցմամբ, երէկ «Տահէշ» խմբաւորման անդամ 20 ահաբեկիչներ սպաննուած են: