image

Միջին Արեւելքի բժիշկները «կասկածելի» գործունէութիւն կը ծաւալեն. Ռապըրթ Ֆիսք

Միջին Արեւելքի   բժիշկները  «կասկածելի»   գործունէութիւն կը  ծաւալեն. Ռապըրթ  Ֆիսք

Բրիտանական «Independent» թերթի յօդուածագիր Ռապըրթ Ֆիսք մեղադրական յօդուած  մը ստորագրած է անդրադարձ կատարելով Միջին Արեւելքի մէջ մարդասիրական «առաքելութիւն» իրականացնող կարգ մը կազմակերպութիւններու: Ֆիսք, որ «կասկածելի» համարած է այդ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, նկատել տուած է  նաեւ,  որ   այդ միութիւնները շատ յաճախ կը գործակցին ահաբեկչական խմբաւորումներու  հետ:

 Ան նաեւ նշած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող մարտերուն ընթացքին ի յայտ եկած է, որ յատկապէս Մուսուլ գործուղուած բժիշկները անուղակիօրէն կը ծառայեն ամերիկեան բանակին ու ծրագրիրներուն այդպիսով հեռանալով իրենց մարդասիրական իսկական առաքելութենէն:

 Ֆիսք այս  իրավիճակը նմանցուցած  է Սուտանի  Տարֆոր  շրջանին  մէջ  տեղի ունեցած  դէպքերուն, ուր բժիշկներ յաճախ ստիպուած  կ'ըլլային  զինեալներուն հետ բանակցութիւններ վարելու, զանոնք կաշառելու, եւ անոնց ուտելիք տրամադրելու,  սակայն ըստ  Ֆիսքի այս պարագային բժիշկներուն կատարածը  միտումնաւոր է եւ կը հետապնդէ քաղաքական եւ ապահովական նպատակներ:

 Ան եզրակացութեան մը յանգելով նշած է, որ միջազգային  ոչ կառավարական կարգ մը յայտնի կազմակերպութիւններու բժիշկները, զինեալ ահաբեկիչներուն հետ համագործակցելով անոնց վիրաւորուած հիւանդներուն մասին որոշ մարմիններու տեղկութիւններ կը փոխանցեն  եւ  անգամ մասնակից կը դառնան ահաբեկիչներու գործողութիւններուն: