image

Միջին Արեւելք ծնած հայերը, իրենց մանկութենէն Արարատ լեռը ազատագրուած տեսնել կ'երազեն. Տէր Թորգոմ Քհնյ.Չորպաճեան

Միջին Արեւելք ծնած հայերը, իրենց մանկութենէն Արարատ լեռը  ազատագրուած տեսնել կ'երազեն. Տէր Թորգոմ Քհնյ.Չորպաճեան

«Արեւելք» ի զրուցակիցն է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի   Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ  հոգեւոր հովիւ  Տէր Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեանը:

 

 

-Արժանապատիւ  Տէր հայր, կը պատմէ՞ք Ձեր գաղութի առանձնայատկութիւններուն մասին: Ինչքանո՞վ հայկականը պահպանուած է այնտեղ: Ի՞նչ դժուարութիւններ ունիք այդ առումով:

Նախ կարճ պատմական մը տամ, Իլլինոյի հայ գաղութը 100 տարիէ աւելի կեանք ունի այստեղ, այդ մէկը կը նշանակէ որ արդէն 3-րդ կամ 4-րդ սերունդն է, որոնց հետ գործ կ'ունենամ կամ անոնք են, որ գաղութը կը կազմեն եւ որովհետեւ փոքրիկ գաղութ մըն է եւ այլ հայկական գաղութներէ հեռու մնացած է, գրեթէ այլեւս հայախօսութիւն չկայ, բայց հակառակ անոր, կը պահեն հայկական աւանդութիւնները:

Ընդհանրապէս գաղութը որպէս կեդրոն ունի եկեղեցին՝ եկեղեցական կեանքը եւ նաեւ անոր կողքին ազգային, մշակութային կեանքը՝ պարախումբը, հայկական կերակուրները , հայկական սովորութիւնները, Տեառնընդառաջն է, Վարդանանցն է, Միջինքն է, Վարդավառն է եւայլն: Իսկ գլխաւոր դժուարութիւնը, որ կը դիմագրաւէ մեր գաղութը, այն ալ հայկականութեան դիմագիծն է, ինչպէս ըսի արդէն հայերէն լեզուի առօրեայ գործածութիւնը գրեթէ  չքացած  է եւ չեմ գիտեր մինչեւ երբ այսպէս միայն եկեղեցւոյ շուրջ գտնուելով, երգով, պարով, ճաշով կարելի պիտի ըլլայ այս ինքնութիւնը պահել, քանի որ օտար խառն ամուսնութիւններու հարցն ալ կայ, որ գրեթէ 80-90 առ հարիւր է այստեղ, նոր ընտանիքներու եկեղեցիէն հեռու բնակելու հարցն ալ կայ, դժուար կ'ըլլայ իրենց համար ամէն շաբաթ եկեղեցի գալ եւ մաս կազմել գաղութի կենաքին, ինչպէս նաեւ այսօր, ինչպէս՝ ամէն հաւաքականութեան, նաեւ մեր երիտասարդութեան կողմէ մեր արժէքներուն հանդէպ ընդհանրապէս, չըսեմ անհոգութիւն, բայց իրենց ծնողներուն ունեցած այդ նոյն նուիրուածութիւնը չկայ, ասի ամէն տեղ այդպէս է:

 

-Պարախումբ որ ըսիք, մշտական պարախումբի մասին է խօսքը, թէ ոչ որոշ առիթներով պարեր կը պատրաստեն:

Չէ, մշտական չէ, տարին մէկ անգամ եղած բան մըն է, բայց իրենք իրենց այդ Արեւմտահայաստանի՝ Վանի, Մուշի, Գըղիի այդ հին պարերը, ձեւերը պահած են, բաներ որ նոյնիսկ Հալէպի կամ Լիբանանի մէջ չէին գիտեր, այդ շարժումները սերունդէ սերունդ փոխանցուած է, անշուշտ պարուսոյց չկայ, մեծերը անոնք որոնք սորված են իրենց ծնողներէն, այդ ձեւով կը սորվեցնեն փոքրիկներուն, անոնք անփոփոխ կերպով պահած են այդ քանի մը պարը, ինչ որ բերած են իրենց հետ երկրէն՝ ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք:

 

-Ձեր գալէն ետք  դրական առումով տեղաշարժ եղա՞ւ, փոփոխութիւն մը մտա՞ւ գաղութի կեաքէն ներս:

Գալէս ետք փոփոխութիւն բնականաբար եղաւ, աւելի համացանցի վրայ ըլլալու իմաստով, այսինքն եկեղեցին կայքէջ չունէր, ֆէյսպուք եւ այլ ընկերային ցանցերու վրայ հասցէներ չունէր, բաւական աշխատեցանք որ այդ տեղերը ներկայութիւն ըլլայ, որովհետեւ այսօր ամէն մարդ հոն է, համացանցի վրայ է, մանաւանդ երիտասարդութիւնը, եթէ ուզենք բան մը ղրկել, իբրեւ լաւագոյն հաղորդակցութեան միջոցը երիտասարդներուն հետ համացանցն է, ատոր մէջ գրեթէ տկար էր եկեղեցին: Իմ կողմէ այլ նախաձեռնութիւն մը՝ հայերէն լեզուի դասաւանդութիւններն էին, որոնք դադրած էին, ես եւ կինս անիկա է որ ետ վերսկսանք ընել, կրնամ ըսել Վարդավառը չէին տօներ, անիկա ալ սկսանք, եթէ քիչ մը աւելի լայն բանան կարկինը, կրնամ ըսել, որ հայաստանցի բաւական ընտանիքներ կային մեզմէ կէս ժամ հեռու ապրող, այս վերջին 10-15 տարին եկած, երեխաներով, ուսեալ ,տնտեսականը լաւ վիճակի հասած, որոնք ձեւով մը անտեսուած էին եւ պատճառներէն մէկը անշուշտ լեզուի պատուարն է, բաւական իրենց հետ յարաբերութիւններ մշակեցինք եւ հիմա կրնամ ըսել որ գաղութին հետ կապի մէջ են, եկեղեցի կու գան, մաս կը կազմեն:

 

-Միջին Արեւելքէն ըլլալով եւ ներկայիս ամերիկեան համայնքէ ներս ծառայելով, առիթը ունեցած էք հայութեան տարբեր հատուածներու հետ առնչուելու, ինչպիսի՞ տարբերութիւններ նկատած էք այս շրջաններու հայութեան միջեւ, կա՞ն էական տարբերութիւններ:

Անշուշտ կան էական տարբերութիւններ, նախ եւ առաջ մեր Միջին արեւելեան գաղութները հայախօս են, արեւմուտքի գաղութները հայախօս չեն, այնքան ինչպէս որ պէտք է ըլլան, երկրորդ՝ Միջին Արեւելքի մեր հաստատութիւնները շատ զօրաւոր եմ,  բաղդատմամբ այստեղի, ըլլայ ատիկա դպրոցը ակումբը, մշակութային այլ միութիւնները կամ եկեղեցին՝ իբրեւ անդամներու թիւ, իբրեւ գործունէութիւն, իբրեւ մթնոլորտ, ծրագիրներ եւայլն, իսկ երրորդը դպրոցներու տաարբերութիւնն է, որ ամէնէն կարեւորն է եւ այս պայմաններու տարբերութեամբ ալ պայմանաւորուած հայութեան տեսկան ալ կը տարբերի, բնականաբար երբ դպրոց ունիս, յաճախող ունիս, հայութեան եւ հայրենիքի կապուածութեան զգացումը զօրաւոր պիտի ըլլայ, Արեւմուտքի հայերը աշխարհագրականօրէն աւելի հեռու են, աւելի տարբեր պայմաններու մէջ կը մեծնան, հետեւաբար հայրենիքի հանդէպ այդ նոյն վերաբերմունքը չունին, իսկ հալէպահայ, լիբանանահայ երեխան մանկութենէն Արարատ լերան  մասին կը սորվի, օր մը պիտի երթանք ազատագրենք կ'երգէ եւայլն: Այստեղ հայութիւն պահել կը նշանակէ աւանդական ճաշը ուտել, հայկական պար պարել, եկեղեցին երթալ, եթէ առիթ ըլլայ կեանքին մէջ 1-2 անգամ Հայաստան երթալ ատ ալ աւելի լաւ կ'ըլլայ, սակայն այս մէկը հայրենքի հանդէպ անտարբերութեան հարց չէ, պարզապէս պայմանները տարբեր են, պարագաները տարբեր են, աշխարհագրական դիրքը՝ հեռաւորութիւնը տարբեր: Մարդկային իմաստով շատ մարդկային են, հայկական ցաւին հասկցող են, վկայ այս բոլոր դրամահաւաքները որ կ'ըլլան, իրենց կողմէ օգնութիւն կ'երթայ եւ Հայաստանի եւ մեր սփիւռքի միւս գաղութներուն ուր որ կարիքը ըլլայ:


 

Հարցազրոյցը ՝ Անի  Չալեանի