Յորդանան ծնած հայուհի մը օգնութիւն խնդրած է,որպէսզի իր եւ իր ամուսնոյն վերջերս առնուած մէկ նկարը հանուի իսրայէլեան զբօսաշրջային «Ինսթակրամ»ի էջէն:
Լենա Քարօղլանեան,որ տարի մը առաջ ամուսնացած է Արազ Մահսերեճեանին հետ, իր դիմատետրի էջով հանրութեան դիմելով գրած է. «Օգնեցէք, մեռեալ ծովու ափին առնուած մեր պատկերը յայտնուած է իսրայէլեան touristisrael ինսթակրամի էջի մը վրայ առանց մեր հաւանութեան: Մեզի համար եղածն անընդունելի է եւ կը հայցենք ձեր օգնութիւնը, որպէսզի արագօրէն այդ նկարը հեռացուի Ինսթակրամի էջէն»:
Նշենք, որ Յորդանան ապրող հայուհին երկար տարիներ ծաւալած է միութեանական գործունէութիւն: