image

«Մեր ոստիկանութիւնը պէտք է ըլլայ դուխով եւ վստահ» Վարչապետ

«Մեր ոստիկանութիւնը պէտք է ըլլայ դուխով եւ վստահ» Վարչապետ

Որքան իրաւաչափ կը համարէք, որ ոստիկանն ու քաղաքացիական հագուստով քաղաքացին Սպիտակի մէջ բերման կ'ենթարկեն կին մը, երբ ան դիմակով է: Այս մասին, 12 յունիսին, ԱԺ-ի մէջ արտակարգ դրութեան ռեժիմը եւս մէկ ամիսով երկարաձգելու հարցի քննարկման ժամանակ դիմելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, հարց ուղղած է «Լուսաւոր Հայաստան»ի պատգամաւոր Աննա Կոստանեանը՝ աւելցնելով, որ ատոր վերաբերեալ տեսանիւթ կայ:

Ի պատասխան Նիկոլ Փաշինյանը ըսած է. «Որքանով լուրջ կ'ըլլայ, եթէ հիմա ըսէք՝ համացանցի մէջ տեսանիւթ մը կայ, այսպէս-այնպէս: Ես ալ ըսեմ՝ կը գնահատեմ՝ այսպէս-այնպէս:

Ես մէկ բան գիտեմ, որ մարդը բերման կ'ենթարկեն իրաւական հիմքերու առկայութեան պարագային: Եթէ բերման ենթարկած են, իմ կանխավարկածը այն է, որ ունեցած են բաւարար հիմքեր: Ես կ'ըսեմ, որ ոստիկանութիւնը ՀՀ-ի մէջ պէտք չէ վախնայ գործել: Ոստիկանութիւնը պէտք է իր իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ գործէ դուխով, գործէ վստահ, բայց նաեւ օրինական: Տպաւորութիւն է, որ ոստիկանութիւնը պէտք է պատերու տակէն թաքուն քալէ:

Ոչ, կանոնները խախտողներն ու յանցագործները պէտք է պատերու տակէն քալեն, եւ ոստիկանութիւնը պէտք է ըլլայ դուխով: Հերիք է, ոստիկանութիւնը ինչ ընէ, կարծես ոստիկանութիւնը այս երկրի թիւ մէկ թշնամին է: Ոչ, խանգարիչն է այս երկրի թիւ մէկ թշնամին: Եւ այդ վնասակար խանգարիչ մթնոլորտ տարածողները պէտք է մտնեն իրենց ծակերը: Իսկ այս դէպքի պարագային՝, դուք այդ տեսանիւթը ինծի ուղարկեցէք: Այն ոստիկանը, որ ապօրինութիւն թոյլ կու տայ, ատոր հետ կապուած գործողութիւններ կ'ըլլան: Բայց իմ դիրքորոշումը այն է, որ ոստիկանութիւնը պէտք է գործէ դուխով, ուժեղ եւ ըլլայ կոշտ: Ի՞նչ կը նշանակէ՝ ոստիկանը ըսէ դիմակ կրեցէք, հետը լեզուառիւ տան, յոխորտալ: Այո, պէտք է բերման ենթարկուին, ուր պէտք է, պէտք է ուժ կիրառուի: Կը կարծեմ՝ այս երկու տարուան մէջ ոստիկանութիւնը, ԱԱԾ-ն շատ քիչ ուժ կիրառած են ոմանց նկատմամբ եւ պէտք է որոշ մարդոց նկատմամբ այնքան ուժ կիրառեն, որ ծպտունները դուրս չգայ ընդհանրապէս»,-ընդգծած է Փաշինեանը: