Անշուշտ ազգ ենք, եթէ այս բառին տանք իր լրագրային, նպարավաճառային իմաստը ու պահ մը այնքա՛ն միամիտ ըլլանք, որ լուրջի առնենք խմբագրականներու, բանախօսութիւններու ու քարոզներու մգլոտած իմաստութիւնը:Եւ դեռ մենք զմեզ հայ կը կոչենք, օղիի սեղաններու շուրջ սոխ ուտելով եւ մեր պատմութիւնը վերապրելով: Կամ ալ հանդէսներու մէջ երբ երջանիկ ձանձրոյթի օրորը ալիք-ալիք կը պարուրէ մեզ... Ձայնը ելեւէջող բանախօս, յօրանջող՝ նախագահ ու հաւաքական կոյրերու ժպիտ... Հայ ըլլալը շոշափելի առարկայ մըն է, մտերիմ աղտոտած փոխնորդի զգայնութիւն, օրական չորս բաքէթ ծխողի հազ, ամուրիի անգոյն ժպիտ՝ հայելիին դիմաց, առտուան արդուզարդի պահուն...
Եւ կա՛մ, լաւագոյն պարագային, մտածելով Նարեկացիի, Աբովեանի մասին, այնպէս ինչպէս ժամանակակից իտալացի մը պիտի մտածէր Կեսարի մասին եւ հպարտ զգար իր վտիտ անձը, երբ մանկութենէն ի վեր, ցեխոտ պատերու մէջ, կ'երազէ սանտուիչի մասին զոր ո՛չ ծախող կայ, ո՛չ գնող... Եւ այս բոլորը չէր բաւէր, տակաւին զիրար կը համոզենք, որ հայ փառապանծ ազգը կ'առաջադիմէ ընկերային, քաղաքական, տնտեսական մարզերու մէջ, եւ այլն... եւ այլն... Կ'առաջադիմէ ան, կեանքի ձայնը քաշուած, ատամնաշարը՝ ինկած, թրքերէն հայհոյող եւ կատակող մարգարէներու զոհաբերութեան շնորհիւ:
Չափահաս մարդու այս յամեցող գիջութիւնը որքա՜ն սուղի պիտի նստի մեզի...