Tert.am-էն կը կարդանք.
Մնջախաղաց Յովհաննէս Հաճինեանը կամաւոր մեկնած էր Արցախ ու հայրենիքի համար կռուած իսկական մարտիկի նման: Ընկերները անոր մասին կ'ըսեն՝ սովորական տղայ էր, սովորական միմ, որ, պարզուեցաւ, արտասուոր հերոս է:
Յովհաննէսը հայրենասիրութեան մասին ոչ թէ կը խօսէր, այլ՝ կ'ապրէր այդպէս: Բոլորին օգնելու պատրաստակամութիւնը անոր ապրելակերպի անբաժան մասն էր: Մնջախաղացը գունաւոր ու քաղաքային կերպար էր. ան ծնած էր արթիստ ըլլալու համար: Յաճախ նոյնիսկ դժուար էր հասկնալ՝ բեմին վրայ կը խաղայ, թէ կեանքի մէջ:
«Կեանքին մէջ ալ Յովհաննէսը կը խաղար, կամ թերեւս չէր խաղար: Թերեւս բեմին վրայ չէր խաղար, չեմ գիտեր…Ան պարզապէս այնքան օրկանական էր ամէն տեղ»,-ըսած է Մնջախաղի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Դադասեանը:
Մնջախաղացը կեանքին մէջ աշխոյժ էր, նոյնիսկ՝ անհանգիստ: Լուսաւոր հայեացքով ու լուսաւոր աչքերով արթիստը կրնար առանց բառերու խօսիլ ու խօսեցնել: Իր կեանքի ընթացքին Յովհաննէս իր մասնագիտութեան անդաւաճան մնաց, թէեւ երկար ժամանակ նոյն տեղը հանգիստ մնալը Յովհաննէսի մասին չէր:
«Նոյնիսկ շատ յոգնած ժամանակ ինքը, միեւնոյնն է, շատ աշխոյժ էր, կ'երթար-կու գար, կատակներ կ'ընէր: Իր տեսակը այդպիսին էր, անհանգիստ էր շատ», - պատմած է մնջախաղաց Հայկ Իսրայէլեանը:
Իր բոլոր մարդկային թուլութիւններով ու թերութիւններով՝ Յովհաննէսը արթիստ էր, որուն առաքելութիւնը ապրեցնելն ու մարդոց երեսին ժպիտ նկարելն էր:
«Յովհաննէս իր սովորական կեանքին մէջ կրնար նոյնքան սովորական ձեւով ժպիտ պարգեւել: Ու իր թուացեալ սովորականութեան մէջ ան այնքան խաղաղ էր, այնքան ներդաշնակ, ինքնաբաւ: Երբեք ոչ մէկէն ոչ մէկ ակնկալիք ունէր», - ըսած է դերասանուհի Նազենի Յովհաննիսեանը:
Յովհաննէսը շփման մէջ ուղիղ էր, պարզ ու շիտակ: Ուր բանավէճ ըլլար՝ Յովհաննէսի կատակը չէր ուշանար: Ծանօթ, թէ անծանօթ՝ բոլորին կը հաշտեցնէր: Կ'ապրէր ներկայով, ապագայի մասին հազուադէպ կը մտածէր: Յովհաննէսին համար բեմ էր քաղաքի որեւէ անկիւն: Մնջախաղացը յաճախ կը շրջէր քաղաքին մէջ՝ բեմական շպարով ու հագուստով:
«Մենք շատ մեծ բան կորսնցուցինք: Շատ կարեւոր գոյն մը պակսեցաւ մեր քաղաքին մէջ: Երկրորդ Յովոն չկայ: Ես չեմ կրնար ըսել, որ ունինք այդպիսի արթիստ: Մեր արթիստը հերոսացաւ», -ըսած է Ժիրայր Դադասեանը:
Թատրոնէն ռազմաճակատ Յովհաննէսի ճանապարհը ոչ թէ ներկայացում էր, այլ իրականութիւն ու հերոսական ճակատագիր: Բեմին վրայ Յովհաննէսը կը խոնարհէր, հիմա՝ հակառակն է:
Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ.