image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք չենք պատրաստուիր բախումի երթալու» Վարդան Նազիրեան

«Մենք չենք  պատրաստուիր բախումի երթալու» Վարդան Նազիրեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Վերականգնում շարժում»ի համակարգող Վարդան  Նազիրեան  այսօր Թէքէեան կեդրոնին  մէջ  տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ շարժումը  կը պատրաստուի յառաջիկայ  հոկտեբերին   պատգամաւորական   ժողով գումարել   եւ ընտրել   ՌԱԿ-ի նոր Կեդրոնական  Վարչութիւն: Նազիրեան նաեւ ըսաւ, որ ինք  ջատագով է   երկխօսութեան  եւ, Հայաստան գտնուելով, մասնակցած է    օրերս Երեւանի մէջ  գումարուող  խորհրդակցական ժողովին, եւ հոն եւս  մասնակիցները կիսուած են  երկուքի, ոմանք  ողջունած են իր  խօսքը, իսկ ուրիշներ՝ վերապահութիւն յայտնած: Նազիրեան  նաեւ  ըսաւ, որ խորհրդակցական  ժողովներու շրջանակէն ներս եղած  են  քուլիսային հանդիպումներ,  ու իրեն  տարբեր պաշտօններ ստանձնելու մասին  առաջարկներ    հնչած են:  «Մեզի համար  կարեւորը պաշտօնները չեն, այլ կուսակցութեան  միասնութիւնն է»,-   ըսաւ ան, դիտել տալով, որ  իր նպատակը որպէս  «Վերականգնումի մարմին»ի  համադրող,  եղած է    միասնաբար բոլոր կողմերուն հետ գործակցիլ եւ  այս տագնապէն դուրս  բերել    կուսակցութիւնը: Նազիրեան  դիտել տուաւ, որ  այսօր իր աւարտին հասնող  ժողովին կողմէ ընտրուելիք  մարմինը կը համարուի անօրինական:

«Մենք արդէն գիտենք՝ ինչ է կուսակցութեան  ղեկավարի թեկնածուին անունը ու գիտենք  նաեւ թէ ինչ կարգադրութիւններով այդ թեկնածուութիւնը  պիտի առաջադրուի»: Անոր  խօսքով,  այսօր ընտրուելիք  ատենապետը  իրենց համար  անօրինական է: «Մենք չենք պատրաստուիր   իրենց դէմ պայքարելու եւ   պիտի   գործենք   իրականացնելու համար  մեր   պատրաստած ծրագիրները»: Ան  նաեւ     յայտնեց, որ  յառաջիկայ  հանգրուանին     դժուար պիտի ըլլայ   այսօր   ստեղծուած իրավիճակը  դարմանել: «Այսօր  տեղի ունեցածը, որեւէ նորութիւն պիտի չաւելցնէ  եղածին վրայ: Բոլորդ ալ լաւ գիտէք,  որ  կան երկու խումբեր,  եւ մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ այդ երկու խումբերը միացնել» շեշտելով նաեւ, որ  «այսօր կարեւոր առիթ մը կորսնցուցինք      վերստին միաւորուելու»: Նազիրեան շեշտեց,  որ իրենք պիտի շարժին նախօրօք   պատրաստուած ծրագրի հիմամբ եւ պատրաստ են   ընդունելու  միասնութեան  որեւէ առաջարկ դիտել, տալով,  որ «մեր դռները միշտ բաց են»: Ամերիկաբնակ գործիչը  նկատել  տուաւ,որ  ՌԱԿ-ի  յառաջիկայ  հոկտեմբերին ընտրուելիք   Կեդրոնական  Վարչութիւնը իր կեդրոնական գրասենեակը պիտի հաստատէ   Երեւանի մէջ:   Ըստ  Վարդան  Նազիրեանի,   իրենք   տրամադրուած չեն բախումի երթալու եւ պիտի շարժին  հիմնուելով Հայաստանի իրաւական  ընթացակարգին վրայ:    Ան նաեւ   նշեց, որ իրենք  պատրաստ են  համագործակցելու, սակայն  դիմացի կողմը պատրաստ չէ    իրենց երկարած ձեռքը  սեղմելու: