Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Վերականգնում շարժում»ի համակարգող Վարդան Նազիրեան այսօր Թէքէեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ շարժումը կը պատրաստուի յառաջիկայ հոկտեբերին պատգամաւորական ժողով գումարել եւ ընտրել ՌԱԿ-ի նոր Կեդրոնական Վարչութիւն: Նազիրեան նաեւ ըսաւ, որ ինք ջատագով է երկխօսութեան եւ, Հայաստան գտնուելով, մասնակցած է օրերս Երեւանի մէջ գումարուող խորհրդակցական ժողովին, եւ հոն եւս մասնակիցները կիսուած են երկուքի, ոմանք ողջունած են իր խօսքը, իսկ ուրիշներ՝ վերապահութիւն յայտնած: Նազիրեան նաեւ ըսաւ, որ խորհրդակցական ժողովներու շրջանակէն ներս եղած են քուլիսային հանդիպումներ, ու իրեն տարբեր պաշտօններ ստանձնելու մասին առաջարկներ հնչած են: «Մեզի համար կարեւորը պաշտօնները չեն, այլ կուսակցութեան միասնութիւնն է»,- ըսաւ ան, դիտել տալով, որ իր նպատակը որպէս «Վերականգնումի մարմին»ի համադրող, եղած է միասնաբար բոլոր կողմերուն հետ գործակցիլ եւ այս տագնապէն դուրս բերել կուսակցութիւնը: Նազիրեան դիտել տուաւ, որ այսօր իր աւարտին հասնող ժողովին կողմէ ընտրուելիք մարմինը կը համարուի անօրինական:
«Մենք արդէն գիտենք՝ ինչ է կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածուին անունը ու գիտենք նաեւ թէ ինչ կարգադրութիւններով այդ թեկնածուութիւնը պիտի առաջադրուի»: Անոր խօսքով, այսօր ընտրուելիք ատենապետը իրենց համար անօրինական է: «Մենք չենք պատրաստուիր իրենց դէմ պայքարելու եւ պիտի գործենք իրականացնելու համար մեր պատրաստած ծրագիրները»: Ան նաեւ յայտնեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին դժուար պիտի ըլլայ այսօր ստեղծուած իրավիճակը դարմանել: «Այսօր տեղի ունեցածը, որեւէ նորութիւն պիտի չաւելցնէ եղածին վրայ: Բոլորդ ալ լաւ գիտէք, որ կան երկու խումբեր, եւ մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ այդ երկու խումբերը միացնել» շեշտելով նաեւ, որ «այսօր կարեւոր առիթ մը կորսնցուցինք վերստին միաւորուելու»: Նազիրեան շեշտեց, որ իրենք պիտի շարժին նախօրօք պատրաստուած ծրագրի հիմամբ եւ պատրաստ են ընդունելու միասնութեան որեւէ առաջարկ դիտել, տալով, որ «մեր դռները միշտ բաց են»: Ամերիկաբնակ գործիչը նկատել տուաւ,որ ՌԱԿ-ի յառաջիկայ հոկտեմբերին ընտրուելիք Կեդրոնական Վարչութիւնը իր կեդրոնական գրասենեակը պիտի հաստատէ Երեւանի մէջ: Ըստ Վարդան Նազիրեանի, իրենք տրամադրուած չեն բախումի երթալու եւ պիտի շարժին հիմնուելով Հայաստանի իրաւական ընթացակարգին վրայ: Ան նաեւ նշեց, որ իրենք պատրաստ են համագործակցելու, սակայն դիմացի կողմը պատրաստ չէ իրենց երկարած ձեռքը սեղմելու: