Այսօր առաւօտ արտակարգ միջադէպ մը գրանցուած է Մէլպըռնի մէջ: Օդանաւը բախուած է առեւտուրի կեդրոններէն մէկուն տանիքին, ինչի հետեւանքով 5 մարդու մահացած է, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ»ը:
Ոստիկանութեան փոխանցմամբ, միջադէպի պատճառ եղած է Beechcraft King Air օդանաւի շարժիչի անսարքութիւնը: Իրաւապահները մանրամասնած են, որ օդանաւին մէջ եղած է 5 մարդ, որոնք բոլորը մահացած են:
Ականատեսներէն մէկը նշած է, որ բախումէն անմիջապէս ետք օդանաւը պայթած է:
Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ բախումը տեղի ունեցած է առեւտուրի կեդրոնի բացուելէն 1 ժամ առաջ: