image

«Էրեբունի» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարած է 44 հայ գերիներ տեղափոխող ռուսական օդանաւը

«Էրեբունի» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարած է 44 հայ գերիներ տեղափոխող ռուսական օդանաւը

Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանին մէջ քիչ առաջ վայրէջք կատարած է 44 հայ գերիներ տեղափոխող ռուսական օդանաւը: Տեղեկութիւնը յայտնած է Sputnik Արմենիա-ն։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը մօտեցած են օդանաւին։

Նշենք, որ այսօր մեկնարկած է գերիներու ու պատանդներու փոխանակման գործընթացը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ։

Յիշեցնենք նաեւ, որ կողմերու միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռքբերուած է՝ փոխանակումը կատարել «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։