image

Մեկնարկած է Թունուսի նախկին վարչակարգի ղեկավարներու դատավարութիւնը

Մեկնարկած է Թունուսի նախկին վարչակարգի ղեկավարներու դատավարութիւնը

Թունուսի դատարանը մեկնարկած է նախկին նախագահ Զէյն Ալ Տին Ալ Ապիտին Պըն Ալիի եւ այլոց դէմ յարուցուած քրէական գործի քննութիւնը, ըստ որուն վերջիններս կը մեղադրուին 7 տարի առաջ ցուցարարներ սպաննելու մէջ:

«Arabic Post» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, դատի պիտի տրուին նաեւ այն ղեկավարները, որոնք անգամ նախքան 2011 թուականի յեղափոխութիւնը, քաղաքացիներու դէմ սպանութիւն, բռնութիւն, բռնաբարում եւ այլ դաժան արարքներ կիրառած են:

Նշուած է, որ յիշեալ քրէական գործով 14 պետական պաշտօնեայի դէմ մեղադրանք առաջադրուած է, որոնցմէ են նախկին նախագահն ու Ներքին գործոց նախարարը: