Մեկնարկած է Ազգային ժողովի յատուկ նիստը, որու ժամանակ պիտի քննարկուի Հայաստանի վարչապետի ընտրութեան հարցը։ Խորհրդարանի 1/3-ի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին առաջադրուած է Նիկոլ Վովայի Փաշինեանը:
100 պատգամաւոր գրացուած է, ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանը յայտարարած է նիստի մեկնարկի մասին: ԱԺ-ն ծափողջիւններով շնորհաւորած է նաեւ Շուշիի ազատագրամն 26-րդ տարեդարձը:
ԱԺ նիստին լրագրողներուն համար յատկացուած սենեակէն կը հետեւի նաեւ աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեանը։
ԱԺ-ի մէջ մեծամասնութիւն կազմող՝ «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը յայտարարած էր, որ ՀՀԿ-ն պիտի օժանդակէ բաւարար ձայներու քանակով, որ 8 ամսին Հայաստանն ունենայ վարչապետ: