Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր յայտարարութիւն մը հրապարակել շեշտեց, որ ինք հրաժարած է վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու խնդրէն։
Հարիրի նաեւ նշեց, որ իր համար երկիրը տնտեսական բարդ վիճակէն դուրս հանելու համար գոյութիւն ունի մէկ ճանապարհ, որն է մասնագէտներու, ոչ քաղաքական կառավարութիւն մը կազմելու ճանապարհը։
Հարիրի նաեւ նկատել տուած է, որ այսօր բողոքի ալիքին սկիզբ առնելէն շուրջ քառասուն օր եւ կառավարութեան հրաժարումէն երեսուն օր անց երկիրը հարուածող տագնապին ամէնէն մտահոգիչ երեսն այն է, որ քաղաքական կարգ մը շրջանակներ կը շարունակեն ուրանալ, թէ Լիբանանն ինչ դժուարին տագնապի մը առջեւ է կանգնած։
Ան իր խօսքի աւարտին յոյս յայտնած է, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու վերաբերեալ իր որդեգրած ժխտական կեցուածքէն ետք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը արագօրէն ընթացք կու տայ նոր վարչապետի նշանակման վերաբերեալ տեղի ունենալիք պարտադիր խորհրդակցութիւններուն։