image

Ըստ թելեկրամեան կարգ մը ալիքներու Օննիկ Գասպարեան պիտի շարունակէ իր պաշտօնը

Ըստ թելեկրամեան կարգ մը ալիքներու Օննիկ Գասպարեան պիտի շարունակէ իր պաշտօնը

Ըստ թելեկրամեան ալիքներու տեղեկութիւններուն՝ Օնիկ Գասպարեանի գործով դատաւորը բաւարարած է հայցի ապահովման միջոցի միջնորդութիւնը,  մասնաւորապէս` կիրառած է հայցուորի պահանջի ժամանակաւոր բաւարարում եւ արգիլած է նշանակել նոր ԳՇ պետ։

Սա կը նշանակէ, որ Օնիկ Գասպարեանը կը շարունակէ պաշտօնավարել որպէս Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ։

Որոշումը, ըստ ալիքի, արդէն ուղարկուած է հարկադիր կատարման ծառայութեան` հարկադիր կատարման եւ այժմ հասանելի է ծառայութեան ներքին ելեկտրոնային համակարգին մէջ:

Օնիկ Գասպարեանի փաստաբան Արթուր Յովհաննիսեանը NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ դեռ չէ ստացած իր միջնորդութեան առնչութեամբ դատարանի որոշումը, բայց ինքը նոյնպէս տեղեկատուութիւն ստացած է, որ դատարանն իր միջնորդութիւնը բաւարարած է։ Դատական ակտը փաստաբանին հասանելի կ'ըլլայ միայն առաւօտեան։

Արթուր Յովհաննիսեանը յայտնած է, որ միեւնոյն ժամանակ դատարանը վարոյթ ընդունած է իրենց ներկայացուցած ճանաչման հայցը, որու շրջածիրէն ներս ալ միջնորդած էին հայցի  ապահովման միջոց կիրառել։  

Փաստաբանը ճանաչման հայցով դատարանէն խնդրած է  ճանչնալ Օնիկ Գասպարեանը աշխատանքէն ազատելու իրաւայարաբերութեան բացակայութիւնը։

Յիշեցնենք, որ հայցը մակագրուած է  դատաւոր Մհեր Պետրոսեանին։