Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ 262,000,000 տոլարի դրամահաւաք եղած է՝ սուրիացի փախստականներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Al Arabiya»ն, նշելով, որ դրամահաւաքը տեղի ունեցած է ՄԱԿ-ի մասնակցութեամբ, մերձարեւելեան տարածաշրջանը ներկայացնող 25 ոչ պետական կազմակերպութիւններու եւ բարեգործական հիմնադրամներու հանդիպման ժամանակ:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով դեսպան Ահմէտ պըն Մուհամատ ալ Մուրայիխին հանդիպման ժամանակ նշած է, որ Սուրիոյ ժողովուրդը կը գտնուի ահռելի մարդասիրական ճգնաժամի առջեւ, որու լուծման համար միայն այս տարուայ համար անհրաժեշտ է 8 միլիառ տոլար:
Ան նաեւ նշած է, որ ներկայիս աւելի քան 13 միլիոն սուրիացի մարդասիրական օգնութեան կարիք ունի:
Նշեք, որ այս հանդիպումը նախորդած էր Եւրոպական միութեան Սուրիոյ հարցերով երկօրեայ գիտաժողովին, որ պիտի կայանայ շաբաթավերջին, Պելճիքայի մէջ: