image

Մահեր Ասատ պիտի միանայ Ղութային մէջ կռուող սուրիական բանակին

Մահեր Ասատ պիտի միանայ Ղութային մէջ կռուող սուրիական բանակին

Սուրիոյ ռազմական ղեկավարութիւնը որոշած է նախագահ Ասատի եղբօր՝ 4-րդ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Մահեր Ասատին յանձնել Արեւելեան Ղութայի մէջ սուրիական բանակի կազմակերպման գործը: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ այս որոշման նպատակն է լաւագոյն զօրախումբերը տարածել այնտեղ եւ Տումայի հարցը լուծել, որպէսզի Դամասկոս մուտքի ճամբան եւ ամբողջ մայրաքաղաքը ապահով դառնայ:

Պահանջուած է նաեւ,  բոլոր աւերուած տուները հեռացնել եւ հողաբարձ մեծ մեքենաներ տեղադրել՝ արտակարգ իրավիճակներու համար, ինչպէս նաեւ բեռնատար մեքենաներով ամբողջ քանդուած քարակոյտերը տեղափոխել Դամասկոսի մօտ գտնուող այլ վայր:

Բացի այդ, հրահանգուած է բանալ Արեւելեան Ղաութայի բոլոր ճանապարհները, որոնք բանակի կողմէ պիտի մաքրուին տեղադրուած ականներէն եւ պայթուցիկներէն, իսկ Դամասկոսի քաղաքապետարանին վստահուած է Ղութայի պարտեզներու վերամշակման եւ գիւղատնտեսութեան գործը: