Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկ Մարտիրոս Ժամկոչեանի մայրիկը ՝ Կիւլիզար Այվազեան- Ժամկոչեանը։
Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Պէյրութէն։
«Քորոնա» վարակին հետեւանքով ստեղծուած կացութեան իբրեւ արդիւնք հանգուցեալին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուած է պետութեան եւ ազգային առաջնորդարանի կողմէ հաստատուած կարգով եւ առանց հարազատներու ներկայութեան։
Ցաւակցութիւններ հանգուցեալի հարազատներուն եւ յատկապէս որդիին ՝ Մարտիրոս Ժամկոչեանին։