Ծանրամարտի աշխարհի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանին մեղադրանք առաջադրուած է քրէական օրէնսգիրքի 242 յօդուածի երկրորդ մասով (ճանապարհային երթեւեկութեան եւ փոխադրային միջոցներու շահագործման կանոնները խախտելը, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է մարդու մահ): Այս մասին յայտնած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն:
Սիմոն Մարտիրոսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին:
Եւրոպայի առաջնութենէն վերադառնալէ ետք ծանրամարտիկ Սիմոն Մարտիրոսեանը «Երեւան մոլ» առեւտուրի կեդրոնի դիմաց մահացու վրաերթի ենթարկած է փողոցը ոչ թոյլատրելի հատուածով անցնող հետիոտնը։ Սիմոն Մարտիրոսեանը փախուստի չէ դիմած, զանգած է ոստիկանութիւն, շտապօգնութիւն, ապա օգնած է, որ վրաերթի ենթարկուածին տեղափոխեն հիւանդանոց: