image
Հրատապ լուրեր:

Լոս Անճելըսահայեր պոյքոթի կ'ենթարկեն թրքական ապրանքատեսակները

Լոս Անճելըսահայեր պոյքոթի  կ'ենթարկեն  թրքական  ապրանքատեսակները

Լոս Անճելըսի  հայերը սկսած են պոյքոթի ենթարկել թրքական  ապրանքատեսակները: Այս մասին կը տեղեկանանք  «Արեւելք»ի  Լոս Անճելոսի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  բոլորովին անհատական միջոցներով   շրջանի հայեր  պահանջած են     Liqour Spot  Vosgevaz խանութի տնօրէնութիւնէն յետ այսու  չվաճառել եւ պոյքոթի ենթարկել թրքական տարբեր տեսակի խմիչքներն ու արտադրութիւնները եւ    հաստատութեան տէրերը , որ հայեր   են ընդառաջած է դիմողներու փափաքին: Մեր աղբիւրը կը յաւելէ, որ Լոս Անճելըսի հայաբնակ  շրջաններուն մէջ  կան  տասնեակ   խանութներ, որոնք  կը պատկանին հայերու եւ   որոնք  կը  վաճառեն թրքական  տարբեր տեսակի ապրանքանիշներ: