image

Լիպիոյ առժամեայ կառավարութիւնը պիտի ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը

Լիպիոյ առժամեայ կառավարութիւնը պիտի ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը

Լիպիոյ առժամեայ կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Այն Ալ-Իխպարիա» կայքը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Լիպիոյ առժամեայ կառավարութեան նիստին, Արտաքին գործոց եւ միջազգային յարաբերութիւններու նախարարութեան գլխաւոր պատասխանատու Ապտ Ալ-Հատի Ալ-Հուայճ յայտարարութիւն մը կատարած է, ուր ըսած է, թէ իրենց կառավարութիւնը կը պատրաստէ օրինագիծ մը, որուն հիմամբ ալ անոնք պիտի ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:

Թերթը նաեւ գրած է, որ Լիպիոյ կառավարութեան կողմէ առնուելիք այս որոշումը ամրագրուած է պատմական փաստերով, նշելով այն հանգամանքները, որոնց հետեւանքով անցեալ դարասկիզբին աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր նահատակուեցան:

Յիշեցնենք, որ առաջին անգամն է, որ Լիպիոյ քաղաքական շրջանակները նման թեմայ մը կը քննարկեն եւ շատ հաւանական է, որ աւելի ուշ անոնք Թուրքիան քննադատող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը ամրագրող յայտարարութիւն-փաստաթուղթով մը հանդէս գան: