image

Լիբանանի խաղաղութիւնը կախեալ է Ռուսաստանէն CS Monitor

Լիբանանի խաղաղութիւնը կախեալ է Ռուսաստանէն CS Monitor

«CS Monitor»ի լրագրող վերլուծաբան Նիքոլաս Պլանֆորտ յօդուած մը հրապարակած է, զգուշացնելով Լիբանանի անվտանգութեան սպառնացող խնդիրներէն:

Պլանֆորտի կարծիքով, թէեւ Լիբանան ներկայիս ժամանակաւոր անդորր կ'ապրի ընտրութիւններուն «Հըզպալլա»ի ձեռք բերած մեծ յաջողութեան շնորհիւ, սակայն ԱՄՆ նախագահ Թրամբի համար հաճելի չէ տեսնել Իրանի կողմէ հովանաւորութիւն վայելով «Հըզպալլա»ի իշխանութեան ընդարձակումը Լիբանանի մէջ, հետեւաբար ամերիկեան կառավարութիւնը պիտի դիմէ Լիբանանի տրամադրուող նիւթական օժանդակութիւնը սահմանափակելու քայլին:

Իր հերթին վերլուծաբան Փօլ Սալէմ շեշտած է, որ նոր ստեղծուելիք կառավարութեան կազմին մէջ «Հըզպալլա»ին մեծ բաժին տրամադրուելու պարագային, Քոնկրէսը որոշում պիտի կայացնէ Լիբանանի բանակին տրամադրուող օժանդակութիւնն զգալիօրէն նուազեցնելու:

Պլանֆորտ միաժամանակ փոխանցած է Հարիրիին մօտիկ քաղաքական գործիչներէն մէկուն վկայութիւնն այն մասին, թէ վարչապետը վերջերս տրամադրուած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւել, նկատի ունենալով, որ այն միակ կողմն է, որուն շնորհիւ կարելի է Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի վարքը կառավարել: