ՌԴ ԱԳՆ-ն հրապարակած է նախկին եւ գործող ամերիկացի պաշտօնեաներու ցուցակը, որոնց մուտքը Ռուսաստան կ'արգիլուի հակառուսական ուղղութեան մշակմանն ու իրագործման մասնակցութեան պատճառով:
1․Մերիք Կարլընտ, ԱՄՆ գլխաւոր դատախազ,
2․ Մայքլ Քարվախալ, ԱՄՆ բանտերու դաշնային բիւրոյի տնօրէն,
3․ Ալեխանտրօ Քարվախալ, ԱՄՆ-ի ներքին անվտանգութեան նախարար,
4․ Սիւզըն Ռայս, ԱՄՆ նախագահի ներքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական, ՄԱԿ-ի մէջ նախկին մշտական ներկայացուցիչ եւ ազգային անվտանգութեան գծով օգնական,
5․ Քրիսթոֆըր Ռէյ, ՀԴԲ տնօրէն,
6․ Էվրիլ Հէյնս, ԱՄՆ ազգային հետախուզութեան տնօրէն,
7․ Ճոն Պոլթըն, ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին օգնական եւ ՄԱԿ-ի մէջ մշտական ներկայացուցիչ,
8․ Ռոպըրթ Ուլսի, նախկին տնօրէն ԿՀՎ։
Սմոլենսքի հրապարակին մէջ պարզաբանած են, որ նման որոշում կայացուցած են` ի պատասխան ռուս պաշտօնեաներու դէմ 2 մարտին սահմանուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն: