image

Լիբանանի կառավարութիւնը կ՚ուշանայ...

Լիբանանի կառավարութիւնը կ՚ուշանայ...

Աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր Լիբանանի ժողովուրդը կը սպասէ վարչապետ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան ստեղծման:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Հարիրի օրերս այցելելով Պաապտայի պալատ հանդիպում ունեցած է նախագահ Աունի հետ: Հանդիպումէն ետք վարչապետը բոլոր քաղաքական կողմերուն կոչ ուղղած է համագործակցելու եւ նպաստելու կառավարութեան ստեղծման գործին, բան մը, որ ըստ աղբիւրին, կը հաստատէ, թէ վերջինս նախագահի հետ հանդիպման ժամանակ որեւէ նախնական ցուցակ չէ ներկայացուցած, հետեւաբար, կառավարութեան ստեղծումն ալ տակաւին հեռու է: