image

Լիբանանի բողոքի ալիք. Օր 38. Սպասողական վիճակ, քաղաքական անորոշութիւն

Լիբանանի բողոքի  ալիք.     Օր 38. Սպասողական  վիճակ, քաղաքական անորոշութիւն

Այսօր իր լրումին կը հասնի Լիբանանի բողոքի ալիքի 38-րդ օրը։

Ի դէպ, երէկուան իրադարձութիւնները ցոյց կու տային, որ ցուցարարները վճռակամ  են իրենց  քայլերուն  եւ անոնց պահանջը կը մնայ նոյնը՝ կազմել ոչ քաղաքական-մասնագէտներու կառավարութիւն մը։

Մինչ երկրի քաղաքական ընտրանին կը հաւաքուէր երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Եարզէի կեդրոնատեղիին մէջ նշելու համար անկախութեան  տօնը, անդին ցուցարարներն իրենց կարգին քաղաքացիական փառատօն կը կատարէին Պէյրութի «Նահատակաց  հրապարակ»ին  վրայ։

Ինչ կը վերաբերի այսօրուան  իրավիճակին լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ այսօր Պէյրութի եւ երկրի կարեւոր քաղաքներու բոլոր ճանապարհները կը  մնան բաց։ Նկատառելի է նաեւ, որ տնտեսական բարդ դրութեան մէջ  յայտնուած  երկրին մէջ կը տիրէ համընդհանուր անգործութիւն եւ անշուշտ այդ մէկը աւելիով ծանրացաւ քաղաքական պայմաններուն եւ համընդհանուր անորոշութեան մթնոլորտին հետեւանքով։

Իսկ նոր կառավարութեան  կազմութեան  առումով, եւ  ըստ «Էլ Նաշրա» կայքին մեծ յոյսեր կան, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացք  պիտի առնեն   նոր  վարչապետի նշանակման վերաբերեալ խորհրդակցութիւնները Պաապտայի նախագահական  պալատին մէջ։