Հարիրիի հարցազրոյցն ու այդ ընթացքին վերջինիս խօսելու հանգիստ ոճն իր դրական ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ Լիբանանի տնտեսական կեանքին վրայ, կը յայտնէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը, աւելցնելով, որ տնտեսական կայունութիւնը բերած է նաեւ լիբանանեան լիրայի փոխարժէքի բարձրացման ու կայունութեան:
Լիրայի փոխարժէքի բարձրացումը, ըստ կայքին, կը նշանակէ, որ վաճառքի գործընթացը կանգ առած է, եւ լիբանանեան կացութեան շուրջ վստահութիւնը վերստին հաստատուած է:
Միաժամանակ լիրայի փոխարժէքի կայունութեան նպաստած է նաեւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան ղեկավարին յայտարարութիւնը, որ թէեւ երկիրը քաղաքական ճգնաժամի մէջ է, սակայն տնտեսական ճգնաժամի վտանգ չկայ: