image

Լիբանանեան բանակը կը շարունակէ հարուածել Արսէլի ահաբեկիչները

Լիբանանեան բանակը  կը շարունակէ    հարուածել Արսէլի   ահաբեկիչները

Լիբանանեան  բանակի   յատուկ  ստորաբաժանումներ   ապահովական   գործողութիւն մը  կատարած են  Արսէլի   մէջ: Այս մասին  լուրը կը փոխանցէ   Only Lebanon կայքը:   Աղբիւրը կը նշէ, որ   այսօր առաւօտ կանուխ   բանակը  յաջողած է   նախայարձակ գործողութիւն  մը կատարելով   սպաննել Եասէր Ղաուի անունով  ահաբեկիչ մը, որ կը համարուի շրջան մը  առաջ Ռաս Պաալպէքի  մէջ   եղած  ահաբեկչութեան  գլխաւոր   հեղինակը:

Ահաբեկիչի  տան մէջ     բանակը  յայտնաբերած է  եօթը  ականներ, ինչպէս նաեւ՝ ականապատ   գօտի մը:

Յիշեցնենք, որ անցնող տասն օրերուն ընթացքին այս       երրորդ ապահովական  գործողութիւնն է, որ կ'իրականացուի բանակին  կողմէ:

Շուրջ   շաբաթ մը առաջ    կատարուած    նախայարձակ գործողութեան  հետեւանքով   սպաննուած են  հինգ  ահաբեկիչներ  եւ    300-է  աւելի   մեղադրեալներ  ձերբակալուած: