Լիբանանեան բանակի յատուկ ստորաբաժանումներ ապահովական գործողութիւն մը կատարած են Արսէլի մէջ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Only Lebanon կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ այսօր առաւօտ կանուխ բանակը յաջողած է նախայարձակ գործողութիւն մը կատարելով սպաննել Եասէր Ղաուի անունով ահաբեկիչ մը, որ կը համարուի շրջան մը առաջ Ռաս Պաալպէքի մէջ եղած ահաբեկչութեան գլխաւոր հեղինակը:
Ահաբեկիչի տան մէջ բանակը յայտնաբերած է եօթը ականներ, ինչպէս նաեւ՝ ականապատ գօտի մը:
Յիշեցնենք, որ անցնող տասն օրերուն ընթացքին այս երրորդ ապահովական գործողութիւնն է, որ կ'իրականացուի բանակին կողմէ:
Շուրջ շաբաթ մը առաջ կատարուած նախայարձակ գործողութեան հետեւանքով սպաննուած են հինգ ահաբեկիչներ եւ 300-է աւելի մեղադրեալներ ձերբակալուած: