image

Լիբանանեան բանակի հանգստեան կոչուած սպան փողոցային վէճի զո՞հ

Լիբանանեան բանակի հանգստեան կոչուած սպան փողոցային վէճի զո՞հ

Պէյրութի փողոցներէն  մէկուն մէջ      վէճի  հետեւանքով   սպաննուած է հանգստեան կոչուած սպայ՝ Ահմաէտ Ֆաքիհ  եւ կինը,  իսկ դուստրը վիրաւորուելով փոխադրուած է հիւանդնոց:Դէպքը   տեղի ունեցած է    Պէյրութի Համրա թաղամասի մէջ,  երբ սպան, ճանապարհի անցանելիութեան հետ կապուած վէճ մը կ’ունենայ հանգստեան կոչուած ենթասպայի մը հետ:    Այս մասին լուրը կը փոխանցէOnly Lebanon  կայքը,  նշելով, որ վէճը ահաւոր աւարտ մը  կ’ունենայ: Ենթասպան ինքնաշարժը արագ քշելով պատճառ կը դառնայ սպայի եւ կնոջ մահուան:

Ենթասպան ձերբակալուած է եւ Հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են: