Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ 14 մայիսին որոշում ստորագրած է, կտրականապէս արգիլելով քաղաքի ձիարշաւներու ժամանակ խաղադրոյքներ կատարելը:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, նահանգապետը նահանգապետարանին ենթակայ Գոյքի վարչութեան նախագահին հրահանգած է քննութիւն իրականացնել «Ալ Ժատիտ» հեռուստակայանի սփռած հաղորդման վերաբերեալ, եւ համապատասխան առաջարկներ ներկայացել:
Նշենք, որ 13 մայիսին «Ալ Ժատիտ» հեռուստակայանը յայտնած էր, որ Պէյրութի մէջ շարք մը մանուկներ ձիարշաւներու հետ կապուած խաղադրոյքներ կը կատարեն: