Լիբանանի քաղաքական վերնախաւին համար 6 փետրուարը մէկէ աւելի իմաստներ ունի: 13 տարի առաջ, այս օրը, Լիբանանի երկու կարեւոր անձնաւորութիւններ՝ ներկայիս գործող նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն եւ «Հըզպալլա»ի առաջին քարտուղար Հասան Նասրալլա մաիսնաբար ստորագրեցին փոխընմբռնման համաձայնութիւն մը, որ աւելի ուշ կոչուեցաւ «Թաֆահոմ Մար Մըխայէլ»:
Այդ կարեւոր օրուան աւարտին երկու կողմերը հանդէս եկան գրաւոր համաձայնութեամբ մը, որուն հիմամբ ալ, անոնք ճշդեցին փոխգործակցութեան եւ ապագայի ծրագիրներու գլխաւոր հիմքրը:
Յիշեցնենք, որ ստորագրուած համաձայնագրին մէջ երկու կողմերը վերհանեցին Լիբանանի գերիշխանութեան խնդիրը, Իսրայէլը համարեցին Լիբանանի գլխաւոր թշնամի, համաձայնեցան գործակցիլ երկրի տարբեր՝ քաղաքական, ընկերային, մշակութային ոլորտներուն մէջ եւ նեցուկ կանգնիլ իրարու, ինչպէս նաեւ համաձայնութեան շնորհիւ դրական տինամիզմ մը ստեղծել Մարոնիթ, ինչպէս նաեւ շիիթ համայնքներու զաւակներուն միջեւ:
Շատ մը քաղաքական վերլուծաբաններ կը հաւատան, որ այս համաձայնութիւնը կարեւոր հիմք հանդիսացաւ, որ «Հըզպալլա» կարողանայ դիմադրել 2006 թուականի յուլիսին Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւնը դարձեալ հիմք դարձաւ, որ նախագահ Միշէլ Աուն հասնի նախագահական պալատ: