image

Լիբանանցի Տիւրզի գործիչը մտահոգ է .«Չկրկնենք 1975-ի եւ1976-ի դէպքերը

Լիբանանցի Տիւրզի  գործիչը մտահոգ է .«Չկրկնենք   1975-ի  եւ1976-ի դէպքերը

Լիբանանի  Տիւրզի համայնքի առաջնորդ  եւ  «Դեմոկրատական»  կուսակցութեան   ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր   Թվիթըրեան էջին  գրառում մը   կատարելով    ըսած է,թէ   ժողովուրդը պէտք է գիտնայ ահաբեկիչի եւ փախստականի միջեւ հսկայ տարբերութիւնը ու եթէ  կրնայ   այդ ընել, ուրեմն  ցոյցերը անիմաստ կը դառնան:

Ժոմպլաթ, որ  յայտնի է Սուրիոյ   կառավարութեան   դէմ  իր կեցուածքներով,   նոյնպէս մեղադրեց   սուրիական  մարմինները նշելով, որ   անոնց համար ձեռտու է, որ Լիբանանի  մէջ  խռովութիւններ ծայր առնեն:

Նշենք,  որ անցնող  շաբաթներուն Լիբանան հաստատուած  սուրիացի փախստականներուն  եւ տեղացիներուն միջեւ լարուած  մթնոլորտ մը ձեւաւորուած էր:

Լարուածութիւնը կապ ունէր նաեւ  Արսէլ աւանին   շուրջ ստեղծուած  իրավիճակին  հետ, ուր    լիբանանեան   բանակը  ծանր հարուածներ հասցուց Արսէլի  լեռնային հատուածներուն մէջ    գտնուող  ահաբեկիչներուն: