Լիբանանի Տիւրզի համայնքի առաջնորդ եւ «Դեմոկրատական» կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր Թվիթըրեան էջին գրառում մը կատարելով ըսած է,թէ ժողովուրդը պէտք է գիտնայ ահաբեկիչի եւ փախստականի միջեւ հսկայ տարբերութիւնը ու եթէ կրնայ այդ ընել, ուրեմն ցոյցերը անիմաստ կը դառնան:
Ժոմպլաթ, որ յայտնի է Սուրիոյ կառավարութեան դէմ իր կեցուածքներով, նոյնպէս մեղադրեց սուրիական մարմինները նշելով, որ անոնց համար ձեռտու է, որ Լիբանանի մէջ խռովութիւններ ծայր առնեն:
Նշենք, որ անցնող շաբաթներուն Լիբանան հաստատուած սուրիացի փախստականներուն եւ տեղացիներուն միջեւ լարուած մթնոլորտ մը ձեւաւորուած էր:
Լարուածութիւնը կապ ունէր նաեւ Արսէլ աւանին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հետ, ուր լիբանանեան բանակը ծանր հարուածներ հասցուց Արսէլի լեռնային հատուածներուն մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն: