«Հայկական երեսփոխանական պլոք»ի անդամ եւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ նախարար՝ Արթիւր Նազարեանի, քիչ առաջ այցելութիւն տուաւ վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին կողմէ: Բագրատունի հանդիպման աւարտին լրագրողներուն հետ խօսելով յայտնեց, որ իրենք վարչապետին առաջարակած են կազմել 32 նախարարներէ բաղկացող կառավարութիւն մը, որուն երկու անդամները պէտք է ներկայացնեն հայ առաքելական համայնքը: Հայ երեսփոխանը նաեւ ըսաւ, որ վարչապետին առաջարկած են, որ վերջ տրուի «անկախական» նախարարական աթոռներու մօտեցման եւ նախարարական աթոռները բաշխուին հաւասար կերպով՝ պահելով հերթափոխութեան կարեւոր սկզբունքը: Նշենք, որ ներկայիս վարչապետ Թամմամ Սալամի կազմած կառավարութեան մէջ լիբանանահայութիւնը կը ներկայացնէ նախարար Արթիւր Նազարեան (ներկայացնելով՝ Հ.Յ.Դ.ն), որ ստանձնած է ելեքդրականութեան եւ ջերմուժի նախարարի պաշտօնը: